2017-10-10 10:47:00

Ժողովրդային Քահանայապետ` Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին ծիսական տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի 11 հոկտեմբերին կը նշուի`  Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ ծիսական տօնը։ Սոյն թուականը կը յատկանշէ 1962-ին երջանկայիշատակ Քահանայապետին կողմէ գումարուած  Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի պաշտօնական բացումը։

Յովհաննէս ԻԳ  Քահանայապետը` աւազանի անունով Անճելօ Ճուզեփփէ Ռոնքալլի ծնած էր 25 Նոյեմբեր 1881-ին Իտալիոյ Պէրկամօ քաղաքի` Սոթթօ Իլ Մոնթէ գիւղաքաղաքին  մէջ։ 28 Հոկտեմբեր 1958 ին ընտրուած է Տիեզերական Եկեղեցւոյ 261 –րդ Քահանայապետ` յաջորդելով Պիոս ԺԲ քահանայապետին։ 

Անճելօ Ռոնքալլի եղած է համբերատար` ընդունակ յաղթահարելու կեանքի բոլոր զրկանքներն ու փորձութիւնները: Դեռ երիտասարդութեան կ՛առաջադրէ միշտ սնուցանել հաւատքը եւ երբեք չձգել որ այն ծերանայ` մնալով միշտ մանուկ Աստուծոյ դիմաց, ինչպէս որ Յիսուս կը սորվեցնէ Աւետարանին մէջ:

Վարդապետ մըն էր` ազատ իր ասպարէզին յաւակնութիւններէ եւ ընդունակ սիրալիր համագործակցութեան: Իբրեւ Եպիսկոպոս եւ հետագային` իբրեւ Քահանայապետ, չափազանց կարեւորութիւն տուած է վարդապետներու մտային ու հոգեւոր կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ աշխարհականներու կազմաւորումին` մղելով զանոնք պատասխանատու առաքելութեան մը:

Հաւատքը ծաղկեցնելու իր այս մնայուն բաղձանքէն մեկնելով Ռոնքալլի  կը նպաստէ Ծիսակատարութեան` հաւատացեալներու գործօն մասնակցութեան: Իր հաւատքը ապրեցաւ ժողովրդական բարեպաշտութեան զգայնութեամբ։  Ան միշտ նախընտրած է հաղորդակցիլ պարզ, անմիջական եւ առօրեայ կեանքի վերաբերող պատկերներու միջոցաւ` յաջողելով անմիջապէս թափանցել մարդոց սիրտերը:

Ռոնքալլիին համար հաւատալ կը նշանակէ վստահութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ սիրոյն, մշակել սիրալիր բարեկամական յարաբերութիւն Յիսուսի հետ` կատարեալ հնազանդութեամբ եւ խաղաղութեամբ առաջնորդուելով Սուրբ Հոգիէն:

Յովհաննէս ԻԳ-րդ Պապի կեանքին մէջ սրբութիւնը` կեդրոնացած  է եղբայրութեան վրայ եւ լուսաւորուած Աւետարանական Երանութիւններէ, կ՛արտայայտուի Աստուծոյ կամքի մնայուն փնտռտուքով, ամէնօրեայ ողորմութեան գործերով եւ ամէն կերպով նպաստելով բարի կամքի տէր մարդոց եղբայրութեան, միութեան եւ խաղաղութեան:

Աղքատներ, աղէտեալներ, տարագիրներ, բարեկամներ, եղբայրակիցներ, ամէնքը անոր մէջ կը գտնէին օգնութիւն եւ աջակցութիւն: Նեղութիւններն ու հիւանդութիւնները մեծ համբերութեամբ կը կրէր եւ իր առողջութեան մասին շատ քիչ մտահոգութիւն կը ցուցաբերէր:

 Ան զօրաւոր կերպով կապուած էր իր ծննդավայրի, մանկութեան բարեպաշտութիւններուն, Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ վարդապետութեան: Սրբութեան հանդէպ իր ունեցած անձնական մօտեցումը կեդրոնացած էր Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր Խաչին վրայ:

Իր յայտնի օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Պէտք եմ որդեգրել սուրբերու առաքինութիւններու էութիւնը, ոչ թէ պատահարները: Ես Ս. Լուիճին չեմ, եւ պէտք չէ ինքզինքս զոհաբերել ճիշտ իրեն նման, այլ` ինչպէս իմ տարբեր անհատականութիւնս ինծի թոյլ կու տայ: Աստուած կ՛ուզէ որ հետեւելով սուրբերու օրինակին իւրացնենք առաքինութիւններու կենդանարար հիւթը` յարմարցնելով զայն մեր ընդունակութիւններուն եւ հանգամանքներուն: Գիտնալ մեր մէջէն ոչնչացնել ամէն ինչ որ աշխարհի առջեւ փառք կը համարուի եւ միշտ կուրծքի տակ կենդանի պահել Աստուծոյ հանդէպ մաքուր սիրոյ կրակը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.